Հիւանդին սրինգը
Գըլուխըս իր ծունկին վըրայ՝Կը մը'տմըտամ.Սըրինգ մ'հեռուն կը հեկեկայՑաւ մը տարտամ...
«Հիւա՜նդն է, չէ՞»Կը հարցընէ, շըրթունքն այտիս.«Շա՜տ կը տանջէ,Այս իրիկուն, ան իմ հոգիս...
Շըրթունքն այտիս՝ կը լըռէ նա.Ես կը խոկամ.Յանկարծ արցունք միրմէ կ'իյնա.Կը հեկեկա՜մ...