Անձրեւ

Միսաք Մեծարենց (1886–1908)

Համբոյրն անձրեւին կը թրջէ շափշափՎարդէ գիծն անտես բերանի մը շուրջ.Օ՜հ, աս ի՜նչ գրգանք, օ՜հ, աս ի՜նչ անուրջ,Որ կը տամկանայ, գաղտ ու հապըշտապ,Իմ ծարաւահիւծ, իմ որբեւայրիԻրիկուններուս շուշանին վրայ լուրջ:Անձրեւոտ գիշեր, գըթա՜ծ քահանայ,Թօթուէ՛ սրբենի այդ տեղատարափ,Զերթ մասունքի ջուր, մինչեւ որ լենայ,Մինչեւ որ լենա՛յ բաժակն այս պարապԻմ երազներուս` որ ոսկեմըրափԿեցեր է ցրտոտ մարմարին վըրայ:Օ՜հ, աս ի՜նչ գրգանք, օ՜հ, աս ի՜նչ անուրջԿու տաս դուն ինծի, անձրեւո՜տ գիշեր,Դո՛ւն, բարեբարի, գըթա՜ծ քահանայ,Որ հին Լլկանքին ժողվեցիր փուշեր,Եւ հնչեցուցիր բարբառդ` ոսկի՜ մուրճ`Որ մտքիս նոր նոր դուռեր կը բանայ....