Ճերմակ վարդեր
Ըսպիտա՜կ վարդեր, ըսպիտա՜կ վարդեր,Զոր հովն անտեսեց այս ճամբուն վըրայ,Շամբուշ հովն աշնան՝ որ կը դըղրդէրՄոլեգին ՝ հողին ընդերքն համօրէն.
Ճերմա՜կ գաղափար, ճերմա՜կ գաղափար,Աշնան մոլուցքէն դողահար հիմակ,Համբո՜յր շուշանի, դիւթանք ձիւնեղէն,Փերթ փերթ լուսինկայ, ապրշում համակ,
Բե՜ր ինծի իղձիդ կաթը խանդաղատ։Մենաւո՜ր վարդեր, որ մելամաղձիկՄառախուղներուն մէջ դեռ կը Ժպտիք,Ապրեցէ՜ք հոգւոյս մէջ յաւերԺօրէն։