Մեռելոց (Մեծարենց)

Միսաք Մեծարենց (1886–1908)

Ձըմեռ օր մը, ձիւնին մէջէն, մի՜ս-մինակ,ձիւնին մէջէն, տարի դամբանն իմ հոգւոյս,Ժըպիտով մը ծընած նախկին սէր մը կոյս.ըսպիտա՜կ վարդ՝ որ սառեցաւ ձիւնին տակ։

Գարուն մըն էր, եւ համբոյրով մը բացուածդամասկեա՜ն վարդ, գինով արփին գաղջ գոլէն,նըւաղեցաւ ուրիշ սէր մը. սէ՜րն, Ա՜ստուած՝զոր թաղեցի՝ յուսատ՝ կեանքին կանչելէն։

Ամրան վերջն էր, նայուածքով մը բողբոջածդեղին վա՜րդս ալ ինկաւ աշնան շունչին տակ.զայն վերցուցի՝ արդէ՜ն եղած յիշատակ՝ու նետեցի փոսին մէջ, ցա՛ծ, ա՜հ, շա՜տ ցած։

Հիմակ ամէն մեռելոցի ես կ'երթամանոնց մարմար դամբանին վրայ ցրտաշունչ,աղօթքով մը, կորած մէգին մէջ տարտամանոնց յուշքին, մըտաթափառ, լուռ ու մունջ։

Ու մըտածումս ալ, հէ՜ք նԺդեհ քահանայ,խաչ հանելով կ'ըսէ բառեր լուսեղէն.ու նայուածքըս կը բաԺնըւի երբ հողէն,հոգիս զանոնք անգա՜մ մըն ալ կը մոռնայ...։