Ուռիներու շուքին տակ

Միսաք Մեծարենց (1886–1908)

Ա

Ուռենինե՜ր, լացէ՜ք, լացէ՜ք անդադրումԱրտասուքնիդ շիթ շիթ հոգիս կ'արծաթէ.Ես կը փարիմ մենիկ պահին այս տրտում՝Ուր ձեր հեղուկ նըւագն յուշիկ կը կաթէ։

Ծաղիկներուն գօտին դեղին, լայնարձակԱրօտներու զիւմրիւթ իրանն երբ գրկէ,Ու միջօրի արեւն ալ՝ խուրձ ու տրցակՇողերն իր՝ բիլ Ժապավէնով մը պրկէ,

Կուգան կոյսերն իմ անուրջիս, հերարձակ,Մանիշակէ բըլուրներէն ու դաշտէն,Ես կ'ունկնդրեմ հապըշտապ ու համարձակՔայլերուն՝ որ լուռն ուԺգնօրէն կը շեշտեն։

Ու կը պարե՜ն. իրենց նազանքն հարսենիՈւ նայուածքնին քօղքած կազի մըշուշով,Իրենց վարսքին հետ կը խաղայ սիւգ մը զովԵւ այտերնին կակաջի պէս կը շիկնի։

Իրենց մարմինն՝ ակնվանի թափանցիկ.Իրենց հոգին՝ համբոյր համակ ու շուշան,Իրենց սիրտը՝ հուր շրջմոլիկ ու բաղձիկ,Իրենց ծիծաղն՝ արշալոյս մը ջինջ գարնան։

Բ

Ուռենինե՜ր, արտասուեցէ՜ք տրտմագինԳորովակաթ արցունքը ձեր արծաթէ.Քաղցր է ինծի զեղումն այդ ձեր թախծանքին՝Որ տրտմանոյշ կայլակներով կը կաթէ։

Տիւանդորրին համբուն՝ Ժամերն են ոսկի,Ձեր սաղարթին գորշ ու տարփոտ շուքին տակ՝Ուր բուրմունքը կուգայ ծաղիկ ու հասկիԵւ կը հնչէ յուշքերուս ծափը խայտակ։

Ուր մերթ ձայնն ալ թմբկիկներուն հեռաւոր,Ու ծիծաղը բամբիռներուն արծաթի,Ու գնջուհի երգիչներու տարփաւորՍիրերգներուն արձագանգն ալ կը ցաթի։

Ու երբ դարձեալ հովիտն համակ ընդգրկէԱնդաստանին վայրի Լուռը թեւաւոր,Ու երբ ծառուտքն ալ արբեցած խոնջէնքէԱնշարԺանայ իր խոկին մէջ մենաւոր։

Արագիլ մը կ'անցնի յանկարծ անվրդով,Ցուցադրելով կարմիրն իրեն կտուցինՈւ կը տաքնայ մէջն արեւին հուր ցանցին,Ու կը ցանէ հոս հոն կափկափն իր թոթով։

Գ

Ուռենինե՜ր, շիթ շիթ արցունք ցօղեցէք,Մինչ բուրմունքնիդ իմ հոգւոյս մէջ կ'ամպանայ,Եւ այս չքնաղ անդորրութեան յեց՝ թող հէքԵրազանքըս պահիկ մը գէթ հեշտանայ,

Եւ երբ իջնէ լեռնէն հովիկն իրիկուան,Ու սրսըփայ թախծոտ օրհներգը սօսին.Երբոր ցայտքերն աւազանին մէջ հոսինՈւ ձեր շուքին տակ թռչնիկներ թռվըռան.

Ու երբ արեւն ալ քրքմաներկ վրձինովՈսկեզօծէ սըգատամուկ ձեր հոգին,Երբ համբոյրի պէս փաթթըւի ձեր շոգինԱնոր ցոլքին՝ եղկ, տարփագին ու գինով.

Միշտ, յամրագին կաթկըթեցէք դուք նորէնԱրծաթելու համար խորհուրդն անպարփակՈր շուքէ շուք կը թռչըտի լայնօրէնԸնդգրկելով ամէն դալար շրջափակ։

Ու երբ ցայգն ալ ծառաստանին մէջ սահիՍեւ մագիլով ձեր ջինջ հոգին ճանկելու,Լացէ՜ք նորէն, դուք համակերպ ու հըլուԴողդըղագին ձեր տագնապին մէջ ահի։