Արիւն

Սիամանթո (1878–1915)

Տժգունօրէն յոյսին բոլոր շուշանները թափեցան,Օրերուն անգթութեանը մարմարներէն ի վար,ՄահագուԺօրէն եւ անդադար.Եւ արբշիռ եւ ուխտուած հոգիները այլեւս հանեցին,Իրենց յաղթանակի եւ երազի վերարկուն երկար,Գերեզմանուող իրիկուններուն հետ,Եւ աւերումի համայնապատկերին դիմաց.Գարուններուն խենթեցնող գեղեցկութեանը տեղ,Տրտմութեան երկաթէ ձիւն մըն է որ կը հոսի,Մեր բոլորին անմխիթար որբութեանը վրայԵւ կարծեմ արհաւրալից ու քինայոյզ ջուլհակներ,Հեռաւոր ու մթին արուարձանի մը մէջ այսօր,Աճապարանքով, բոլորը մէկէն,Մեր սեւ օրերուն խոնաւ պատանքը կը հիւսեն...Մինչդեռ անագորոյն եւ անարեւ հոկտեմբերներ,Սառած լուսնկային հետ մինակ,Տարիներէ ի վեր, ամէ՜ն գիշեր, ամէ՜ն գիշեր,Կեանքին յուսահատութիւնը կ'անձրեւեն մեր վրայ։Աւա՜ղ, առաջ արշալոյս մը կար որ քաղցրութեամբ կըծագէր,Եւ իմ յաւիտենական երազս երջանկօրէնԱնկէց ինծի՝ մտածումիս համար ծաղկադաշտեր կըյօրինէր՝Եւ պսակներ իմ բաց ճակտիս եւ քնարիս մանկական,Աւա՜ղ, առաջ արշալոյս մը կար որ բուրաստանի մընման կը ծաղկէր,Երբ անմեղութեան աւազանը հայելին էր իմ հոգիիս,Երբ լիճերուն եղէգները իմ շունչիս մէջէնխաղաղութիւնը կ'երգէին...Երբ մայրական Յոյսին ստինքները յափրացումն էինշրթունքներուս,Երբ ադամանդէ լուսնական առաքեալս էր եւ մտածումսահագին։Եւ կապոյտ խորութիւնը անրջային ջուրերունԱստուածային ապարանքն էր իմ դողդոջուն եւ պատանիստուերիս...Բայց այսօ՜ր, բայց այսօ՜ր, ես այս ամէնուն առջեւէն,Սարսափահար եւ աչուըներս փակած կը փախչիմ...Վասնզի գիտեմ որ բոլոր արշալոյսները Նուիրականհողին.Տարիներէ՜ ի վեր, մեր արիւնէն են կարմիր...