Ափ մը մոխիր՝ Հայրենի տուն

Սիամանթո (1878–1915)

ԱԿՆԱՅ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ա

Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ,Ու ես երդիքներուդ սպիտակ կատարէն,Աստղածորան գիշերներու յոյսին հետ,Վարէն, ահեղավազ Եփրատին կ'ունկնդրէի...։

Բ

Արցունքո՜վ, արցունքո՜վ լսեցի որ աւերակ առ աւերակ,Քու լայնանիստ պատերդ իրարու վրայ կործանեցին,Սարսափի օր մը, կոտորածի օր մը, օր մը արիւնի...Զքեզ եզերող պարտէզիդ ծաղկըներուն վրայ։

Գ

Ու մոխրացա՜ւ այն սենեակը կապոյտ,Որուն որմերուն ետեւ եւ գորգերուն վրայ,Իմ երջանիկ մանկութիւնս կը հրճուէր,Եւ կեանքս կ'աճէր եւ հոգիս իր թեւերը կ'առնէր...

Դ

Փշրեցա՞ւ, ուրե՛մն, այն հայելին ոսկեծիր,Որուն եթերային խորութեանը մէջ,Երազներս, յոյսերս, սէրերս եւ կամքս կարմիր,Տարիներով, մտածումիս հետ, ցոլացին...

Ե

Ու բակին մէջ երգող աղբիւրը մեռա՞ւ,Ու կոտրտեցա՞ն պարտէզիս ուռին եւ թթենին.Եւ այն առուակը որ ծառերուն մէջէն կը հոսէր,Ցամքեցա՞ւ, ըսէ՛, ո՞ւր է, ցամքեցա՞ւ, ցամքեցա՞ւ...

Զ

Օ՜, այն վանդակին կ'երազեմ յաճախ,Որուն մէջ գորշագոյն կաքաւս, առաւօտուն,Արեւածագին հետ եւ վարդի թուփերուն դիմաց,Զարթնումի Ժամուս ՝ յստակօրէն կը կարգճէր...։

Է

Հայրենի՜ տուն, հաւատա՜ որ մահէս յետոյՔու աւերակներուդ սեւին վրայ, իմ հոգիս,Պիտի գայ, որպէս տատրակ մը տարագիր,Իր դԺբախտի երգը եւ արցունքը լալու...։

Ը

Բայց ո՜վ պիտի բերէ, ո՜վ պիտի բերէ, ըսէ՛,Քու սրբազան մոխիրէդ ափ մը մոխիր,Մահուանս օրը, իմ տրտում դագաղիս մէջ,Հայրենիքս երգողի իմ աճիւնին խառնելու...։

Թ

Ափ մը մոխի՜ր աճիւնիս հետ, Հայրենի տուն,Ափ մը մոխի՜ր քու մոխիրէդ, ո՜վ պիտի բերէ,Քու յիշատակէ՛դ, քու ցաւէ՛դ, քու անցեալէ՛դ,Ափ մը մոխիր... իմ սրտիս վրան ցանելու...։