Խեղդամահ
Ու գետնափոր նկուղին մէջ քառասուն անձ՝Արջառներու սարսափահար հօտի մը պէս,Որ աւազահողմի հարուածներէն կը հալածուի,Մահուան դիմաց դողահար եւ մէկզմէկ ջախջախելով՝Չորս պատերուն մէջ խաւարտչին խռնուեցանք...։Ապառի լռութիւն մը իր սարսափովը կը ծանրանար,Շշուկ չըկար, շնչող չըկար, շրթունքները փակ էին,Եւ ամէնուս նայուածքները քստմնելի եւ դիւային,Մէկզմէկու վրայ յառած՝ մէկզմէկու մահ կ՚ուզէին...։Արեւածագէ մը մինչ արեւածագըն յաջորդ,Այսպէս անձայն եւ անօթի, գերեզմանի քարերունպէս՝Մենք մեր մարմնոյն վրայ, մեր սարսափներկաթեցինք...։Ու մեր թաքուն կատաղանքն եւ կարօտըկոտորելու մտածումով՝Մեզմէ շատերն սկսան մոլէգնօրէն, իրենց մատներըկրծոտե՜լ...Եւ ապառաժեայ լռութիւնը անհունին պէս մերաչքերուն կ՚երկարէր...։Բայց արեւին տակ՝ հազարաւոր անասնադէմբարբարոսներ՝Բերրի դաշտերն ու գիւղերն աւերելէ դեռ չըյոգնած,Մեր թաքստոցը փնտռելով՝, մեր մահը դեռկ՚ուզէին...։Եւ գետնափորի մութերուն մէջ մահացնոր՝Մենք սարսափո՛վ, սարսափո՛վ, սարսափո՛վ, էր որլսեցինք,Հրազէնի, նիզակներու, սուիններու եւ սուրերու,Կայծակնապար շառաչիւնն որ արեւին տակ կըվառէր...Ու դիակնե՜ր, դիակնե՜ր մեր նկուղին երդիքներունվրայ,Արմատախիլ ծառերու պէս, սրսփանքով վարկ՚իյնային,Հոգեվարքի հռնդիւններ՝ մերթ ամեհի եւ մերթ խուլ՝Պատերէն ներս, նկուղին մէջ կուգային մեզ ցնորել։Եւ հողապատ ձեղունէն, որ մեր վրան թագաղի մըպէս կը փակուէր՝Վէրը հոսող տաք արիւնը յորդառատ՝ ծակտիքներէնվար սուզուելով...Սկսաւ ալ կաթի՛լ կաթիլ մեր դէմքերուն վրայծորիլ...։Բայց նորածին մը նորէն սուր ճիչով մը սկսաւ լալ.Մեր դաւաճանն անտարակոյս այդ անմեղը պիտիըլլար.Որոշման մը, եղէռնի մը, ոճիրի մը յոյսը միայն կարմեզի,Երբ իր մայրն հեծեծանքով մը ալ վերջապէս փսփսաց...
— Աստուած մեզի թո՛ղ գթայ, ստինքներս պարապ են.Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ. մինչեւ արիւնս ծծելտուի...։Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ, ինչ որ կ՚ուզէքվճռեցէ՛ք...
— Պէտք է խեղդե՛լ, ըսաւ մէկը իր բազուկնբարկութեամբ մը երկարելով.
— Պէտք է խեղդե՛լ... փսփսացինք քառասուն անձնոյն ատեն...— Նախ եւ առաջ զիս խեղդեցէք եւ յետոյ իմ զաւակս ...— Ձայնը առին, տանիքն արդէն բրիչներով կըփորեն...— Բոլորս մէկ մատնուեցանք, արդէն տանիքը կըփորեն...— Արդէն հողը վար կը թափի, լոյսն արդէն կ՚երեւայ...— Կը պաղատի՜մ, խեղդեցէ՛ք զիս. ահաւասիկ իմկոկորդս եւ կոկորդն իմ զաւակիս...
Ու հայ մայրն իր վզին հետ՝ զաւկին վիզը մութինմէջէն մեզ երկարեց...Խաւարին մէջ, երկու բազուկ օձերու պէս գալարուելէն,Մանկան վիզը գտնելով՝ ահեղութեամբ մը զայնսեղմեցին...։Լռութիւնն, այս անգամ, նկուղին մէջ մրրիկ մ՚էր։Ես, րոպէ մը, կարծեցի որ բոլորս մէկ արժանապէսմահացանք...։Պահ մը յետոյ՝ խաբուած մարդու հայհուչներովտղմաթաթաւ,Զգացինք որ արիւնախում խուժանը յուսահատած,կը հեռանար...։Փրկութի՞ւնն էր մեզի հասած։ Ստրուկները կըփրկըւի՞ն։ Ա՞յսպէս պէտք է փրկըւիլ...։
Ու ամէն օր այդ խեղճ կինը կիսամերկ՝ճամբաներուն վրայ կեցած,Անծանօթի՛ն, անցորդի՛ն, թշնամիի՛ն եւ օտարի՛նՔղանցքներուն փաթթուելով խենթի մը պէսկ՚աղաղակէ...— Սա ձեռքերս կը տեսնէ՞ք, կը տեսնէ՞ք սա ձեռքերս.Ես էի որ ասոնցմով նկուղին մէջ, իմ նորածինըսխեղդեցի...Հաւատացէ՛ք, ես էի որ զայն խեղդեցի, ի՜նչ անարդարմարդեր էք,Դուք ալ գոնէ զի՛ս խեղդեցէք, իմ ձեռքերս անզօր են.Ես էի որ նորածինս նկուղին մէջ բոլոր ոյժովըսխեղդեցի...Սիրտ չունի՞ք դուք, խեղդեցէ՛ք զիս, իմ ձեռքերը ալոյժ չունին...։