Քոյր, մօտեցիր կըրակին

Միսաք Մեծարենց (1886–1908)

Քո՛յր, մօտեցի՛ր կըրակին,ծըխէ տերեւն այս բուրեա՛ն,զի ամէն բան ինձ կրկինկը դարձընէ հոտն արեան։

Քո՛յր, մօտեցի՛ր դարակինու բեր հեղուկն հընձանեան,զի ամէն բան ինձ կրկինկը դարձընէ համն արեան։

Քո՛յր, մօտեցի՛ր ճըրագին,մարէ՛ զայն, թող լուսինկան,զի ամէն բան ինձ կրկինկը դարձընէ գոյնն արեան։

Քո՛յր, մօտեցի՛ր նըւագին,երգէ՛ դաշտերն ու ցորեան,զի ամէն բան ինձ կրկինկը դարձընէ ձայնն արեան։

Քո՛յր, մօտեցո՛ւր իմ ձեռքինաստուածաբոցն հըրացան,զի ամէ՜ն բան ինձ կրկինկը յիշեցնէ վրէ՛ժն արեան...։